
Հայկական Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակյան Կուսակցություն Ազգային-ազատագրական պայքարի ազատամարտիկներ
› Mesrob Menazaryan - Մեսրոպ Մենազարյան
Հնչակեան առաջին սերունդի գաղափարական տիտաններէն է Սաղաթել Սագունի։
Ծնած է Պաքու։ Կուսակցական եռանդուն գործունէութիւն կ'ունենայ Կովկասի շրջանին մէջ, յատկապէս բանուորական շարժումները ղեկավարելու տեսակէտէն։
Ս.Դ.Հ.Կ. Ա. Համագումարին (1896) , պատգամաւոր կ'ընտրուի Կովկասի մասնաճիւղերուն կողմէ։ Կը մասնակցի ինչպէս Ա., այնպէս նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ. Բ.(1901),Գ.(1902) եւ Դ.(1903) Համագումարներուն ու անզիջող կերպով կը պաշտպանէ Կուսակցութիւնը իր սոցիալիստական սկզբունքներէն չշեղելու տեսակէտը։
Գ. Համագումարէն ետք, երբ,《հին》ու 《վերակազմեալ》հատուածներուն կողմէ կը ստեղծուի համաձայնական ղեկավարութիւն մը, Սագունի կ'ընտրուի Ս.Դ.Հ.Կ. կեդրոնական վարչութեան անդամ։ կ'աշխատակցի 《հնչակ》ին։
1903 Հոկտեմբեր 26_ին, Լոնտոնի մէջ,Սագունի կը սպաննուի։
Կը թաղուի բազմամարդ յուղարկաւորութեամբ մը,որուն առթիւ 《Տէյլի Մէյլ》կը գրէ.《Հնչակեան յեղափոխական կուսակցութեան նախագահ Սագունիի յուղարկաւորութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Գարիպալտիի յուղարկաւորութիւնը 26 տարի առաջ`Պէմամէն դէպի ֆարըսթ հիլի գերեզմանատունը։Մեր պետական անձնաւորութիւններն իսկ այսպիսի յուղարկաւուրութեան չեն արժանացած։
Հայկական Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակյան Կուսակցություն Ազգային-ազատագրական պայքարի ազատամարտիկներ -ՍԱՂԱԹԷԼ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
1848_1895
Աշխարհադաշտի Հայերուն նուազագոյն վնասով դուրս գալուն( 1895_ ի ջարդերէն _ Ե.Ճ.) գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ Դանիէլ Չաւուշի խումբին ազդած սարսափն էր։ ես թուրքերու բերնէն լսած եմ տարօրինակ բաներ այդ ֆետայիներու պետին վրայ։ Օրինակի համար ,անոնք կը պատմէին թէ Դանիէլ Չաւուշ կարաս մը ունի, որուն վրայ եթէ նստելու ըլլայ`ուզած տեղը կրնայ երթալ։Ահա այսպիսի առասպելներ շինած էր թուրք գիւղացին այդ հերոսին վրայ։
ՍԱՐԳԻՍ ՏԷՕՎԼԷԹԵԱՆ
Հայկական Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակյան Կուսակցության Ազգային ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ ԴԱՆԻԷԼ ՉԱՒՈՒՇ